ԽՆԴԻՐԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ՇՔԱՆՇԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարեց պարգեւատրում մը։ Այսպէս, Ս. Պատարագի ընթացքին ան Պատրիարքական Աթոռի պատուոյ շքանշանը շնորհեց Հերման եւ Շուշիկ Խնդիրեան ամոլին։ Նախկին պոլսահայ, այժմ ամերիկաբնակ Խնդիրեանները իրենց ծննդավայրին հետ կայուն կապ կը պահեն եւ որոշ հաստատութիւններու համար կը բերեն իրենց նպաստը։ Գնահատելով անոնց ոգին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յարմար դատած էր այս շնորհաբաշխումը։ Արարողութեան ընթացքին հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան համապատասխան Օրհնութեան գիրը։ Ան Հերման Խնդիրեանի լամբակին զետեղեց մետայլը եւ յանձնեց օրհնութեան գիրը։

Խնդիրեան ամոլը մասնակցեցաւ նաեւ Ֆէրիգիւղի սիրոյ սեղանին, որու հուսկ բանքին ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կրկնեց իր գնահատանքը՝ տեղեկացնելով, որ Խնդիրեանները աջակցած էին նաեւ Պատրիարքարանին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2023