ՍԻՐՈՅ ՁԳՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Համայնքային շրջանակներու ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Ֆէրիգիւղի վրայ, ուր թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը տեղի ունեցաւ։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ եռուզեռ ստեղծուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։
Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը, մինչ յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց նաեւ աշխարհիկ հանդիսութեան, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնց շարքին էին նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու եւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։ Մասնակիցներու շարքին էին՝ յայտնի բարերարներ, համայնքային վարիչներ, հասարակական գործիչներ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, համակիրներ եւ հիւրեր։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Գարէն Թերզեանի։ Ելոյթներով հանդէս եկան ատենապետ Մանուկ Էօղէր, թաղային խորհուրդի ատենադպրուհի Ազնիւ Մեծատուրեան եւ վարժարանի տնօրէնուհի Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիս։ Մանուկ Էօղէր ելոյթին մէջ մասնաւորապէս շեշտեց, որ Մէրամէթճեան վարժարանի շէնքի ամրակայման եւ երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան աշխատանքները արդէն իսկ աւարտած են։ Ան յիշեցուց, որ 2018 թուականին «Հայճար»ի կողմէ մեր դպրոցներու շէնքերու տոկունութեան վերաբերեալ պատրաստուած էր մասնաւոր տեղեկագիր մը։ Մասնագիտական այդ զեկոյցը, ըստ Մանուկ Էօղէրի, յաջորդած շրջանին անտեսուած էր։ Իսկ ներկայ տարեմուտի ահաւոր երկրաշարժը դարձեալ ցնցում պատճառեց ինչպէս ամբողջ հանրային կարծիքին, այնպէս ալ մեր համայնքին։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ թաղային խորհուրդը որոշած էր իսկոյն շարժման անցնիլ եւ հեղինակաւոր գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ՝ դպրոցի շէնքի ամրակայման ծրագիրը ի կատար ածուեցաւ ամրան արձակուրդի շրջանին, կայծակնային արագութեամբ։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ հանդէս եկան Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի սաները։ Երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ տղաքը ներկայացուցին խմբերգներ, որոնց յաջորդեցին խմբային արտասանութիւններ։ Աշակերտները այդ բոլորով արժանացան ջերմ ծափահարութեան։
Հանդիսութեան տեւողութեան թաղային խորհուրդին կողմէ առ ի երախտագիտութիւն՝ անցեալ շրջանի թաղականներուն համար պատրաստուած յուշանուէրները՝ ծափահարութիւններու ներքեւ եւ ընդհանուր գնահատանքի պայմաններով յանձնուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ։
Յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ տեսահոլովակ մը՝ Մէրամէթճեան վարժարանի առօրեային շուրջ։ Ի լրումն այս բոլորին, սրահը լեցուցած ներկաներուն տեսակէտէ բացառիկ վայելք մը եղաւ՝ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ մատուցուած տոհմիկ երգերու փունջին ունկնդրութիւնը՝ միշտ Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հուսկ բանքին մէջ տեղեկացուց, որ Ֆէրիգիւղի համար հանգանակուած էր 9 միլիոն 600 հազար լիրա։ Թաղային խորհուրդը շուրջ 13 միլիոն 500 հազար լիրա պիւտճէի բաց մը յայտարարած էր։ Ուստի, ընդհանուր առմամբ ողջունելի համարուեցաւ, որ այդ գումարին պատկառելի տոկոսը հանգանակուած էր։
Նորին Ամենապատուութիւնը հուսկ բանքի տեւողութեան շեշտեց, որ Ֆէրիգիւղը մեր ամենաբազմամարդ թաղն է եւ այդ մեծ մարդուժին շնորհիւ ամէն ինչ ճոխ է այս թաղէն ներս, միայն նիւթական միջոցները կը պակսին։ «Որ հաստատութիւնը, որ տկար է, անոր տկարութիւնը կը նկատուի մեր տկարութիւնը», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ մեզ կը միացնէ սէրը. սէրը՝ ազգին, եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան նկատմամբ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ապա բացատրեց, որ համայնքի յարատեւութեան համար յոյսը դրուած է մեր կրթական մշակներուն վրայ։ Իր խօսքով՝ Ս. Աւետարանին մէջ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին կը խօսուի՝ որպէս վարդապետ, ինչ որ ուսուցիչ կը նշանակէ խորքին մէջ։ Ուստի, ան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ մեր կրթական մշակներու կենսապայմաններու բարելաւումը։
Աւելի վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց, որ մարդու պարագային գիտակցութիւնը եւ ենթագիտակցութիւնը շատ կարեւոր են։ Մեր կրթական հաստատութիւններէն ալ ակնկալուածը անոնց ստեղծումն է՝ ուսման միջոցաւ։ Մարդ արարածի պարագային եթէ որեւէ բան իւրացուի ենթագիտակցական պարագային, ապա այդ մէկը երբեք մահ չ՚ունենար։ «Մեր վարժարաններուն հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ այնպիսի կրթութիւն մը ջամբել, որ տղաքը վարժարանը աւարտելէ վերջ վերադառնան մեր համայնքին», նշեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ եթէ կան խնդիրներ, ապա կ՚ըլլան նաեւ լուծումներ։ Հուսկ բանքի վերջին փուլին ան հերթական անգամ խօսեցաւ համայնքէն ներս տուեալներու շտեմարան մը ստեղծելու հարցին շուրջ։ Այդ տուեալներու պակասն ալ դեր խաղացած է՝ համայնքէն ներս ցարդ ելմտական միջոցներու աւազանի մը գոյացած չըլլալուն մէջ։ Այդ տուեալներու պակասը պատճառ դարձած է, որ մոլորութիւն ստեղծուի՝ մեր վարժարանները տնտեսելու ճանապարհին։ Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքին բոլոր տարրերը։
Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։