30-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐ
«Արաս» հրատարակչութիւնը, որ թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 30-ամեակը, յոբելենական շրջանին փայլուն մասնակցութիւն բերաւ՝ երէկ եզրափակուած Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառին։ «Արաս»ի այս տարուան մասնակցութեան թագն ու պսակը եղաւ այն մեծ եռուզեռը, որ տօնավաճառի ընդարձակ համալիրէն ներս ստեղծուեցաւ իր տաղաւարին մէջ։ Չափազանց բանուկ էր «Արաս»ի տաղաւարը, ինչ որ ապացոյցը եղաւ անոր կենսունակութեան եւ գրասէրներու կողմէ իւրացուածութեան։
Երէկ, տօնավաճառի վերջին օրը «Արաս»ի տաղաւարին մէջ իրենց գիրքերը մակագրեցին՝ Յակոբ Կոպէլեան եւ Սերտար Քորուճու։ Այս երկու հեղինակներուն հետ զրոյցներ ալ կատարուեցան՝ իրենց հեղինակած գիրքերու առանցքով։ Սերտար Քորուճուի հետ ասուլիսը վարեց Սեսիլ Արթուչ, իսկ Յակոբ Կոպէլեանի հետ՝ Պեթիւլ Պաքըրճը։ Բաց աստի, շաբաթավերջին «Արաս»ի տաղաւարին մէջ այլ հեղինակներ ալ մակագրեցին իրենց գիրքերը. ինչպէս՝ Սիրվարդ Մալխասեան, Գարին Քարաքաշլը, Նատիա Շէնէր եւ այլք։
«Արաս»ի ամբողջ ընտանիքին կողմէ գործադրուած մեծ ջանքերը այսպէսով յաջողութեամբ պսակուեցան, ինչ որ հրատարակչութեան ապագայ գործունէութեան ճանապարհին կարեւոր երաշխիք մը կը համարուի։