«ՊԻԼԿԻ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ՄԸ

Կա­թո­ղի­կէ հա­յոց ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի ա­ռըն­թեր գոր­ծող Օր­թա­գիւ­ղի «Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ» հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ըն­կե­րու­թիւ­նը այս շա­բա­թա­վեր­ջին գի­տա­ժո­ղով մը կը կազ­մա­կեր­պէ Իս­թան­պու­լի «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Եր­կօ­րեայ այս մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ կ՚առ­նէ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման տե­սան­կիւ­նէն Օս­մա­նեան կայս­րու­թիւնն ու հա­յե­րը՝ մա­նա­ւանդ մշա­կոյ­թի եւ տնտե­սու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։ 
Ինչ­պէս ար­դէն ծա­նու­ցուած է, գի­տա­ժո­ղո­վը կը բացուի վա­ղը։ Բաց­ման նիս­տը կը վա­րէ Մեհ­մէտ Ֆա­թիհ Ուս­լու։ Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէքիեան հան­դէս կու գայ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը, որ­մէ վերջ գի­տա­ժո­ղո­վի բաց­ման խօս­քը կ՚ար­տա­սա­նէ պատ­մա­բան Իլ­պէր Օր­թայ­լը։ 
Գի­տա­ժո­ղո­վի բուն աշ­խա­տան­քը նա­խա­տե­սուած է շա­բաթ՝ 8 դեկ­տեմ­բե­րին։ Ա­ռա­ջին նիս­տը կը վա­րէ Փրոֆ. Պիւ­լենտ Պիլ­մէզ։ Մեհ­մէտ Կենչ կը զե­կու­ցէ Օս­մա­նեան երկ­րէն ներս հայ էս­նաֆ­նե­րու մա­սին։ Էտ­մունտ Հեր­ցիք զե­կու­ցում մը կը ներ­կա­յաց­նէ՝ 17-18-րդ դա­րե­րու Հնդկաս­տա­նի հայ ա­ռեւտ­րա­կան­նե­րուն եւ ա­ռեւտ­րա­կան ու մտա­ւո­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Յետ­մի­ջօ­րէի նիս­տը կը վա­րէ Փրոֆ. Ա­րուս Եու­մուլ։ Ֆրան­սա­հայ յայտ­նի պատ­մա­բան Յա­րու­թիւն Ռայ­մոն Գէոր­գեան կը զե­կու­ցէ Օս­մա­նեան ար­դիւ­նա­բե­րա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան մէջ հա­յոց դե­րին շուրջ։ Յետ­մի­ջօ­րէի միւս զե­կու­ցողն է Հա­լիլ Պերք­թայ։ 
Գի­տա­ժո­ղո­վը կ՚եզ­րա­փա­կուի կլոր սե­ղա­նի ձե­ւա­չա­փով նա­խա­տե­սուած քննար­կու­մով մը, զոր կը վա­րէ Պիւ­լենտ Պիլ­մէզ։ Ա­տե­նա­խօս­ներն են՝ Ա­րուս Եու­մուլ եւ Էլ­չին Մա­ճառ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018