ՏՕՆԱԿԱՆ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Երէկ, պոլսահայութիւնը աւանդական շուքով նշեց Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Մեր համայնքի անդամները Ս. Ծննդեան աւետիսով գիրկընդխառնուեցան մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Տօնական հրճուանքը զգալի էր ամէնուրեք։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, մեր եկեղեցիներուն զանգերը ղօղանջեցին Ս. Ծննդեան աւետիսով։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսապետեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Հայահոծ մեր թաղերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ արարողութիւններուն մասնակցեցաւ խուռներամ բազմութիւն մը։ Տօնական ոգեւորութենէն բաժին վիճակեցաւ նաեւ հայ բնակչութենէ նօսրացած մեր թաղերու եկեղեցիներուն։ Ամէնուրեք անվտանգութեան համար ոստիկանութեան կողմէ ձեռք առնուած էին նախազգուշական միջոցներ։
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, յետմիջօրէին Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց համայնքային շրջանակներուն շնորհաւորութիւնները։ Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, մեր վեղարաւոր հայրերը եւ քահանայից դասէն ներկայացուցիչներ։ Այս տարի թէ՛ աննպաստ եղանակին եւ թէ վերջին մտահոգիչ իրադարձութիւններու ազդեցութեամբ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները չէին փութացած ընդունելութեան։ Միայն համայնքի տօնը շնորհաւորելու փութացած էր Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Մասնակիցներու շարքին էին երեսփոխաններ Սելինա Տողան, Սեզկին Թանրըքուլու եւ Կարօ Փայլան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններէ ներս պաշտօնավարող հայազգի դէմքեր եւ այլ հիւրեր։ Պէզճեան Մայր վարժարանի փոքրիկներուն ելոյթները տօնական մթնոլորտի մէջ ջերմացուց բոլորին սիրտը։ Ելոյթներով հանդէս եկան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Ներկաները միասնաբար երգեցին «Խորհուրդ մեծ» Ս. Ծննդեան շարականը։ Ընդունելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բոլորին նուիրեց խորհրդանշական նուռեր եւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։
Միւս կողմէ, այս ընդունելութեան սկիզբին յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ մեր երկրէն ներս պատահած ահաբեկչական վերջին դէպքերու ընթացքին զոհուածներուն ի յարգանս։ Ընդհանուր Փոխանորդը ընթերցեց նաեւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի կողմէ ուղարկուած շնորհաւորականը։ Նոյն առթիւ շնորհաւորականներ ուղարկած էին նաեւ Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաք, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ եւ այլք։
(Այս ընդունելութեան ընթացքին արծարծուած համայնքային հարցերու մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացնենք յաջորդով)։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024