ԱՒԵՏԻՍ ԵՒ ՈՂՋԱԳՈՒՐՈՒՄ

Թրքահայութիւնը երէկ մեծ ոգեւորութեամբ նշեց Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը, որու ընթացքին տուաւ իր պատգամը։ Մեր հայահոծ թաղերուն մէջ եկեղեցիները լեփլեցուն էին հաւատացեալներով։ Տօնական խանդավառութենէն բաժին վիճակեցաւ նաեւ հայ բնակչութենէ նօսրացած թաղերու եկեղեցիներուն։

Յետմիջօրէին Պատրիարքական Աթոռի տօնական ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առթիւ ընդունեց համայնքային շրջանակներու կողմէ փոխանցուած շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, վեղարաւոր հայրեր, քահանայից դասէն ներկայացուցիչներ, որոնց միացած էր նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Ներկաներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանէն Մարգրիտ Տիքմէ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, հասարակական գործիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Հաւաքոյթի ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որմէ վերջ արտայայտուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Սրտի խօսքերով հանդէս եկան՝ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Արսէն Աւագեան եւ Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբի ատենապետ Արի Չոլաք։

Ընդունելութեան աւարտին միաբերան երգուեցաւ Ս. Ծննդեան շարականը եւ բոլոր ներկաները օրհնուած նուռեր ստացան նորին սրբազնութեան ձեռամբ։ Հաւաքոյթի մասնակիցները ստացան հոգեւոր հայրերուն օրհնութիւնը եւ զիրար ողջագուրեցին տօնական աւետիսով ու բարեմաղթանքներով։

Երկուշաբթի, Յունուար 7, 2019