ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԱԼԻ ՀԱՅՏԱՐ ԵԸԼՄԱԶ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՅՑԵԼԵԼՈՎ՝ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅՂԵՑ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Պէյօղլուի քաղաքապետ Ալի Հայտար Եըլմազ երէկ այցելեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի, ուր շնորհաւորութիւններ յղեց Նոր տարուոյ եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, քաղաքիս հայաբնակ շրջաններու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարները երկար ժամանակէ ի վեր տօնական օրերուն կը փութան բարեմաղթութիւններ եւ շնորհաւորութիւններ յղելու փոքրամասնութիւններուն՝ մանաւանդ հայ համայնքին։ Այս ամբողջին մէջ երկար տարիներէ ի վեր շատ դրական յարաբերութիւններ ստեղծուած են Պէյօղլուի քաղաքապետութեան եւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին միջեւ։ Ի շարունակութիւն այս նախընթացին, Պէյօղլուի քաղաքապետ Ալի Հայտար Եըլմազ երէկ այցելեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի։ Մինչ կ՚ընթանային տաղաւարի աւանդական արարողութիւնները, քաղաքապետը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի կազմէն իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի եւ Պերրին Տայանի, ինչպէս նաեւ դիւանապետ Վաղարշակ Չիլճեանի կողմէ։ 

Հաճելի զրոյցի ընթացքին Ալի Հայտար Եըլմազ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ յղեց Սիմոն Չեքէմին եւ գործակից ընկերներուն։ Քաղաքապետը շեշտեց, որ իրենք կ՚առաջնորդուին շրջանի բոլոր քաղաքացիներուն անխտիր ծառայութիւն մատուցելու սկզբունքով։ Քաղաքապետարանը կը ձգտի նոր ոստում մը ապահովել Պէյօղլուի մէջ՝ այս պատմական թաղի անցեալի փայլուն, եռուն օրերուն յարիր ձեւով։ Եըլմազ նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ քաղաքապետարանէն կախեալ բոլոր խնդիրներու պարագային աջակցութիւն ցուցաբերելու Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին։

Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ եւ իր գործակից ընկերները շնորհակալութիւն յայտնեցին քաղաքապետի այցելութեան եւ բարեմաղթութիւններուն համար՝ յոյս յայտնելով, թէ միշտ կ՚ամրապնդուին ստեղծուած ջերմ կապերը։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020