Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ՄԵՐ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Վերջին ամիսներուն ուսման համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած հայր սուրբը տօնական այս օրերուն որոշ շրջանի մը համար վերադարձած է քաղաքս։ Գատըգիւղի եկեղեցւոյ մէջ թաղեցի հաւատացեալներուն տեսակէտէ հոգեւոր ուրախութեան առիթ հանդիսացաւ հայր սուրբի ներկայութիւնը, ինչ որ բոլորի ցնծութիւնը կրկնապատկեց։

Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան Ս. Պատարագի աւարտին կատարեց նաեւ աւանդական ջրօրհնէքը, որու ընթացքին խորհրդանշական կնքահօր դերը վերապահուած էր՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքին։

Ուրբաթ, Յունուար 7, 2022