ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս Հուլիան Թէօնին։ Նորանշանակ աւագ հիւպատոսը փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Պատրիարքարան՝ ծանօթանալու համար Պոլսոյ Աթոռի գործունէութեան եւ տեղեկութիւններ քաղելու համար թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մասին։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհաւորութիւններ յղեց՝ ընտրութեան ու գահակալութեան առթիւ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց զուիցերացի աւագ հիւպատոսի այցելութեան բերումով եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց իր դիւանագիտական առաքելութեան համար։ Ան զրոյցի տեւողութեան դիտել տուաւ, որ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներէն մին է։ Թրքահայութիւնը մեր երկրի հնագոյն քրիստոնէական համայնքներէն մին կը հանդիսանայ եւ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ յառաջ կը տանի իր հոգեւոր եւ մշակութային կեանքը։

Զուիցերացի դիւանագէտը Գումգաբուէն հրաժեշտ առաւ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին համար։

Ուրբաթ, Փետրուար 7, 2020