ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արագ ապաքինում մաղթեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին, որ քորոնաժահրով վարակուած է, Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանի հետ։ Շաբաթավերջին այս լուրը լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ երկրէն ներս։ Այս մթնոլորտին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արագ ապաքինման եւ կատարեալ առողջութեան մաղթանքներ յղեց Հանրապետութեան նախագահին եւ Առաջին տիկնոջ։

Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Նորին Ամենապատուութեան ուղարկած պաշտօնական գրութեան մէջ նշուած է, որ ան յանուն Պատրիարքական Աթոռին, Պատկառելի Կրօնական ժողովին եւ մեր համայնքային ամբողջ հաստատութիւններուն կ՚աղօթէ Հանրապետութեան նախագահի շուտափոյթ դարմանման համար։

Երկուշաբթի, Փետրուար 7, 2022