ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան սաստիկ երկրաշարժին առթիւ երէկ ցաւակցութիւններ յայտնեց պետական աւագանիին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վշտակցական պատգամներ յղեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին եւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուին։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին, պատկառելի Կրօնական ժողովին եւ մեր հոգեւորականաց դասուն, ինչպէս նաեւ թրքահայ համայնքային կառոյցներուն եւ մեր ամբողջ համայնքին, Նորին Ամենապատուութիւնը այս ծանր պահուն պետական աւագանիի նկատառման յանձնեց համայնքի զօրակցութեան եւ սգակցութեան տրամադրութիւնները։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին ուղարկուած ցաւակցական պատգամի թրքերէն բնագրին մէջ նշուծ է հետեւեալը.

Kahramanmaraş merkezli şiddetli depremin çevre vilayetlerde ağır hasara ve can kaybına neden olduğunu büyük bir üzüntü ile duymuş bulunmaktayım.

Başta Zat-ı Alileriniz olmak üzere devletimizin ilgili tüm kurumlarının etkin müdahalesi, milletimizin birlik ve beraberliği kedere gark olmuş vatandaşlarımız için bir teselli vesilesi olmuştur. Kederde ve kıvançta bir olduğunu her zaman göstermiş olan milletimiz elbirliğiyle bu yaraları da saracaktır.

Bu vesileyle şahsım, Patriklik Makamı ve cemaatim adına Zat-ı Alilerinize taziye dileklerimi iletirim.

Deprem felaketinde hayatlarını kaybeden yurttaşlarımıza rahmet, kederli ailelerine teselli ruhu bahşetmesi, yaralanmış yurttaşlarımıza acil şifa bahşetmesi için Allah’a dua ederim.

Բաց աստի, Նորին Ամենապատուութիւնը նախարար Սոյլուին ուղարկած պատգամին մէջ ալ կրկնած է իր վշտակցութիւնները եւ այս փուլին յայտնած է իր զօրակցութիւնը ամբողջ պետական համակարգին եւ աղէտի գօտիէն ներս աշխատանքի կոչուած ամբողջ մասնագէտներուն եւ փրկարարներուն համար։

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2023