Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ «ՆԱԽ ԸՆՏԱՆԻՔ ԵՆ»
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակիցները մէկտեղուեցան մարմնամարզի ճիւղի մարզիկներուն, մարզիչներուն եւ պատասխանատուներուն հետ։ Թուրքիոյ Մարմնամարզի դաշնակցութեան կողմէ կատարուած Իսթանպուլի առաջնութեան մէջ շիշլիցիները արձանագրած են փայլուն յաջողութիւն եւ իրաւունք շահած են Պուրսայի մէջ նախատեսուած երկրի ախոյենութեան մասնակցելու։ Վարչայինները ճաշասեղանի շուրջ զրուցեցին մարմնամարզի ճիւղի ընդհանուր ընթացքին կապակցութեամբ։ Բոլորը համակարծիք էին, թէ շիշլիցիներուն կողմէ որդեգրուած՝ «Նախ ընտանիք ենք» կարգախօսը յաջողութիւններու գրաւականը կը համարուի։
Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2024