ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ Շի­րի­նօղ­լու ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ու­նե­ցած է ցա­ւա­լի եւ տխուր կո­րուստ մը։ Այս­պէս, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու կորսն­ցու­ցած է իր մօ­րա­քոյ­րը՝ Ռե­ժի­նա Ըլ­կա­րօղ­լուն։ Շի­րի­նօղ­լու ըն­տա­նի­քը խոր ցաւ կ՚ապ­րի այս կո­րուս­տին բե­րու­մով, ո­րով­հե­տեւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ Ռե­ժի­նա Ըլ­կա­րօղ­լու մօր մը գուր­գու­րան­քով վե­րա­բե­ր-ւած է ըն­տա­նի­քի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն հետ՝ եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ։

Այս դառն կո­րուս­տին առ­թիւ երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք հան­գու­ցեա­լին ու մեր խո­րազ­գած վշտակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք հա­մայն Շի­րի­նօղ­լու գեր­դաս­տա­նին, Ըլ­կա­րօղ­լու ըն­տա­նի­քին։

Շաբաթ, Մարտ 7, 2015