«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոշած է Մեծ պահոց շրջանին խնամքի առարկայ դարձնել նոյն թաղի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը։ Թաղային խորհուրդը որոշած է Մեծ պահոց շրջանին շաբաթը օր մը ապահովել դպրոցին պահքի ճաշը։
Երէկ, «Հրանդ Տինք» վարժարանի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ եւ խումբ մը սաներ ժամերգութեան արարողութեան մասնակցեցան Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որու ընթացքին տղաքը լսեցին հայր սուրբին խրատականը։ Աւելի վերջ, բոլորը մասնակցեցան եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուած սիրոյ սեղանին։ Դպրոցի խումբին միացած էր նաեւ Արթօ Հորոզօղլու, որ կը գլխաւորէ կամաւորներէ բաղկացեալ հոգաբարձութիւնը։