ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍ

Համաշխարհային կանանց օրուան՝ մարտի 8-ի սեմին Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը։ Որպէս ատենախօս ընտրուած էին Մայր վարժարանէ շրջանաւարտ հինգ կանայք, որոնք յաջողութեան հասած են իրենց ասպարէզին մէջ։ Այսպէս ասուլիսի ընթացքին աշակերտներուն խօսք ուղղեցին՝ Ովսաննա Քարաքուշ, Արփինէ Մըզըքեան, Շիրին Քըյըճը, Ժանէթ Գազանճը-Աւետիքեան եւ Սաթենիկ Պաշաք։

Բոլորն ալ աշակերտներուն տեղեկութիւններ տուին իրենց կեանքի փորձառութեան շուրջ ու պատասխանեցին անոնց հարցումներուն։

Ասուլիսի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2019