ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԱՆԱՌԱԿԻ ԿԻՐԱԿԻԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Անառակի կիրակիի Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ մեկնաբանեց Անառակ կամ Կորսուած որդիի առակը։ «Կորսուածը թանկագին է եւ քանի կորսուած է, պէտք է երթալ ու գտնել զայն։ Մեղքն ու մեղաւորութիւնը հագուստի նման են եւ կարելի է հանել զայն եւ այս պարագային աւելի կը շեշտուի մեղաւորին արժէքը։ Յիսուս գիտէր այս պարագան։ Ան գիտէր նաեւ մարդու փոփոխական հոգեբանութիւնը, սակայն միշտ յոյս ունէր անոր դէպի բարի փոփոխութեան մասին», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ մարդը թանկագին է Աստուծոյ համար, քանի արարչագործութեան ատեն մարդուն մէջ դրաւ Իր շունչը։ Մարդուն մէջ կայ Աստուածային շունչը։ Եւ Աստուած արժէք կու տայ մարդուն այս պատճառաւ եւ կ՚ուզէ, որ մարդն ալ կատարեալ ըլլայ։ «Մեզի համար թանկագին պէտք է ըլլայ մարդը, յատկապէս մեր համայնքի ու ժողովուրդի իւրաքանչիւր անդամը, սկսեալ աղքատէն։ Եկեղեցին դարերէ ի վեր կը շեշտէ այս պարագան։ Եկեղեցւոյ ընկերային օժանդակութեան անբաժան մասն է այս ու նման առաքելութիւններ։ Եւ այս առաքելութեան միտք բանին է թանկագինը փնտռել ու գտնել։ Այս է նաեւ Անառակ որդիի առակին իմաստը», աւելցուց Նորին Ամենապատուութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզի աւարտին հաւատացեալները հրաւիրեց արժէքները փնտռելու ու անոնց տէր կանգնելու։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2023