ԳԷՈՐԳ ՉԱՂԼԸՉՈՒՊՈՒՔՃՈՒ ԴԱՐՄԱՆՄԱՆ ՏԱԿ

Ցաւով վերահասու եղանք, թէ Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի բազմամեայ խմբավար Գէորգ Չաղլըչուպուքճու ունեցած է ուղեղային խռնում մը։ Ան անմիջապէս դարմանման տակ առնուած է հիւանդանոցի մէջ։ Բժիշկներ մասնագիտական խնամք կը ցուցաբերեն իրեն նկատմամբ՝ մինչ ընտանիքն ալ անոր կողքին է։

Արագ ապաքինում եւ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք Գէորգ Չաղլըչուպուքճուին։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2023