ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐԸ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ նշուե­ցաւ Մայ­րե­րու օ­րը։ Ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը պատ­րաս­տած էին այս տա­րուան հան­դի­սու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չա­կան կազ­մը, Ծնո­ղաց միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Այս­պէս, ա­ռա­ջին առ­թիւ խօսք ա­ռաւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեան, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր մայ­րե­րուն, ո­րոնք ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան ներ­կայ էին։ Ան ը­սաւ, որ այս մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ ա­նոնք միշտ ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն կող­քին պի­տի ըլ­լան ու շնոր­հա­ւո­րեց բո­լո­րին մայ­րե­րու տօ­նը։

Հան­դէ­սին յայ­տա­գի­րը պատ­րաս­տուած էր հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի­ներ Սի­պիլ Քա­յա Հայ­րա­նեա­նի եւ Ռի­թա Մար­տի­կեա­նի, ո­րոնց ա­ջակ­ցած էին տրա­մա­յի, ե­րաժշ­տու­թեան եւ պա­րի ու­սուց­չու­հի­նե­ր Ժեր­մէն Էր­չե­լիք եւ Կա­րին Մար­տի­կեան: Ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը հան­դէս ե­կան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, թա­տե­րակ­նե­րով, պա­րե­րով ու եր­գե­րով։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ սա­լիկ­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն մը։ Ա­ւար­տին՝ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը ի­րենց ձեռ­քե­րով պատ­րաս­տած նուէր­նե­րը յանձ­նե­ցին ի­րենց մայ­րե­րուն։

Խան­դա­վառ հան­դէ­սի վեր­ջա­ւո­րու­թեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, որ պատ­րաս­տուած էր Ծնո­ղաց միու­թեան կող­մէ։

Միւս կող­մէ, Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի  ա­ռա­ջին  դա­սա­րա­նի  ա­շա­կերտ­նե­րը  այս տա­րեշր­ջա­նին  հա­յե­րէն եւ թրքե­րէն գրել-կար­դա­լու ա­ռըն­թեր, ի­րենց  իւ­րա­ցու­ցած  գի­տե­լիք­նե­րը  մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ծնող­նե­րուն: Այս­պէս, ըն­թերց­ման տօ­նին առ­թիւ պատ­րաս­տուած հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլք­քան» սրա­հին մէջ։ Ներ­կայ էին Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դա­մու­հի­նե­րէն Նուարդ Պա­րըն, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ու­սուց­չաց կազ­մը, ծնող­ներ, ա­շա­կերտ­ներ եւ հիւ­րեր։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը պատ­րաս­տուած  էր ու­սուց­չու­հի­ներ Ա­լիս Է­միր­կէ­լօղ­լուի, Նի­հալ Տուր­մա­զի, Նայ­րա Ա­լա­չա­մի, Կա­րին Մար­տի­կեա­նի եւ Գա­րին Սուս­մաք Քաթ­րան­ճըի  կող­մէ: Թոփ­գա­բուի սա­նե­րը հան­դէս ե­կան ո­տա­նա­ւոր­նե­րով, պա­րե­րով ու թա­տե­րակ­նե­րով։ Ա­նոնք ե­րաժշ­տա­կան ե­լոյթ մըն ալ ու­նե­ցան՝ Գա­րին Սուս­մաք Քաթ­րան­ճըի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Ա­շա­կերտ­նե­րը յա­ջող ու խան­դա­վառ ե­լոյթ­նե­րու ա­ւար­տին ար­ժա­նա­ցան ներ­կա­նե­րու գնա­հա­տան­քին ու ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րուն։

Յայ­տագ­րի ա­ւար­տին խօսք ա­ռաւ Ա­նի­թա Թու­մա­յեան, որ շնոր­հա­ւո­րեց տղա­քն ու ա­նոնց ու­սու­ցիչ­նե­րը, յե­տոյ ա­շա­կերտ­նե­րը մէկ առ մէկ ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը:

Ըն­թերց­ման տօ­նի ա­ւար­տին ծնող­նե­րը ծաղ­կե­փուն­ջեր յանձ­նե­ցին կրթա­կան մշակ­նե­րուն։

Ա­պա տե­ղի ու­նե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին Լե­ւոն-Վար­դու­հեա­նի փոք­րիկ­նե­րը զուար­ճա­ցան ի­րա­րու հե­տ։

Շաբաթ, Մայիս 7, 2016