ՊԵՏՐՈՍ ԶՈՐԼՈՒԻ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց նախկին պոլսահայ Պետրոս Զորլուն, որ այժմ կը բնակի Սիտնիի մէջ։ Այցելութեան ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Պետրոս Զորլու Պոլսոյ մէջ կեցութեան օրերուն փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ ստանալ իր օրհնութիւնը։ Ան երկար տարիներ առաջ հաստատուած էր Աւստալիոյ Սիտնի քաղաքը, սակայն իր կապը հաստատ պահած է իր ծննդավայրին հետ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրեն։

Երեքշաբթի, Մայիս 7, 2024