ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանն ու իր կողակիցը, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։ Հիւրերը Պատրիարքարան այցելեցին ընկերակցութեամբ Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի։
Հարկ է նշել, որ 1918 թուականին հիմնուած ընկերակցութեան հիմնական նպատակը եղած է Եղեռնէն վերջ զօրակցիլ հայ ընտանիքներուն։ Ներկայիս ընկերութիւնը կը նպաստէ մտաւոր եւ հոգեւոր զարգացման բնոյթով ծրագրերու աշխարհի զանազան երկիրներէն ներս։ Քսանչորս երկիրներու մէջ մասնաճիւղեր ունի ընկերակցութիւնը, որուն կեդրոնը կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Գործադիր տնօրէնը Իսթանպուլի կեցութեան օրերուն փափաքած է քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Գումգաբու։
Երէկուան հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը ողջունեց հիւրերը եւ ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ թրքահայ համայնքային կեանքի ներկային շուրջ։ Հիւրերը գոհունակ տպաւորութեամբ հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն՝ գոհացուցիչ պատասխաններ ստացած ըլլալով իրենց հարցումներուն։ Ծ. Խ.- Պատրիարքարանի աղբիւրներէն հետաքրքրուեցանք, թէ Զաւէն Խանճեանի երէկուան այցելութեան ընթացքին «Քամփ Արմէն»ի նիւթին շուրջ որեւէ ծրագիր քննարկուա՞ծ է, կամ ոչ։ Ըստ մեզի փոխանցուած տեղեկութեան, միայն շատ մակերեսային ակնարկ մը կատարուած է այս նիւթին։ Զաւէն Խանճեան անցեալ տարեվերջին Երեւան կատարած այցելութեան մը ընթացքին Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ քննարկած էր այս հարցը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուցած էր, որ 6 Նոյեմբեր 2015 թուականին ան տեսակցած էր Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ։ Նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցած էին, որ զրոյցի ընթացքին քննարկուած էր «Քամփ Արմէն»ի վերակառուցման հնարաւորութիւնները։ Սա գրեթէ միակ պաշտօնական հաղորդումն էր՝ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան «Քամփ Արմէն»ի ապագային վերաբերեալ մտադրութիւններուն շուրջ։ Մինչ այդ, քաղաքիս մէջ ալ համայնքային շրջանակներէն ներս որոնումներ խնդրոյ առարկայ են «Քամփ Արմէն»ի ապագային համար։ Կամաւորներ, հետաքրքիրներ հասարակական հիմունքներով մթնոլորտ մը ստեղծել, գործընթաց մը հասունցնել կը ջանան այս կապակցութեամբ։ Հետաքրքրականը այն է, որ ցարդ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու կամ Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ անունով որեւէ պաշտօնական ներկայացուցիչ հանրային կարծիքին նուազագոյն բացատրութիւն մը չէ տուած այս նիւթին շուրջ։ Իսկապէս շատ օգտակար քայլ մը կ՚ըլլայ, եթէ Զաւէն Խանճեանի Իսթանպուլ այցելութիւնը վերածուի առիթի մը՝ որպէսզի պաշտօնական յապաղած լուսաբանութիւնները փոխանցուին մեր մամուլին եւ հանրային կարծիքին։