ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՆՈՐ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Գում­գա­բուի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ խմբա­վար Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի եւ տնօ­րէն խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, ո­րոնց կ՚ու­ղեկ­ցէր Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։

Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը այս շրջա­նին իր զոյգ կազ­մե­րով կը պատ­րաս­տուի հա­մերգ­նե­րու։ Այս շրջագ­ծով երգ­չա­խում­բի ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մը ներ­կայ շաբ­թուան ա­ւար­տին Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ պի­տի ու­նե­նայ ե­լոյթ մը։ Իսկ երգ­չա­խում­բի բուն կազ­մը դար­ձեալ այս շա­բա­թա­վեր­ջին հա­մերգ մը պի­տի ու­նե­նայ Հար­պի­յէի Սէն թ՚Էսփ­րի լա­տին կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի վախ­ճան­ման 80-ա­մեա­կին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին երգ­չա­խում­բը պի­տի եր­գէ խմբա­վար Ատ­րու­շան Սրկ. Հա­լա­ճեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ, Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։

Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը փա­փա­քած էին այս հա­մերգ­նե­րուն ըն­դա­ռաջ ստա­նալ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին օրհ­նու­թիւ­նը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս առ­թիւ բարձր գնա­հա­տան­քով անդ­րա­դար­ձաւ Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ ծա­ւա­լուած բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը օրհ­նեց Վար­դա­նան­ցի ըն­տա­նի­քին կող­մէ տա­րուած բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տան­քը՝ թէ՛ ե­կե­ղե­ցա­կան եւ թէ աշ­խար­հիկ ե­րաժշ­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղեց մօ­տա­լուտ հա­մերգ­նե­րուն հա­մար։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016