ՄԱՀ՝ ԵՒԱ ՍԱՆԹԱԼՈՒԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի շատ սիրուած եւ յարգուած դէմքերէն մին. ոչ եւս է Եւա Սանթալու։ Երկար ժամանակէ ի վեր ան կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ եւ վերջին շրջանին բաւական ծանրացած էր կացութիւնը։ Իրեն համար ի սպաս դրուած մասնագիտական խնամքը եւ ընտանիքին հոգածութիւնը, դժբախտաբար, այլեւս անբաւարար մնացին եւ ան աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով ամբողջ հարազատները եւ սիրելիները։

Եւա Սանթալու համայնքային շրջանակներու կողմէ անվերապահ սիրոյ արժանացած անձնաւորութիւն մըն էր։ Իր սերունդի ուրոյն ներկայացուցիչներէն մին էր, ծանօթ էր որպէս ընտանեկան տիպար մայր, որու անսահման սէրը եւ գուրգուրանքը կը տարածուէր ընտանիքի բոլոր անդամներուն վրայ։ Բնաւորութիւնով շատ հաղորդական, համեստ անձնաւորութիւն մըն էր Եւա Սանթալու, որ երկար տասնամեակներ համայնքային կեանքի ինչ-ինչ իրադարձութիւններու, բազմաբնոյթ ձեռնարկներու անփոփոխ մասնակիցներէն մին եղած էր։ Միշտ իր սիրեցեալ ամուսնոյն՝ համայնքային յայտնի բարերար Գէորգ Սանթալուի կողքին էր, կը խրախուսէր անոր գործունէութիւնը։ Գէորգ եւ Եւա Սանթալու ամոլը բախտաւորուած էր զաւակներով, թոռնիկներով, որոնք այժմ բոլորն ալ տխրութեամբ համակուած են։ Եւա Սանթալու քոյրն էր մեր երախտաշատ բարերարներէն, ՍԷՎ-ի վարչութեան ատենապետ Հայկ Ասլանեանի։

Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը պիտի հրապարակուին առանձնապէս, ընտանեկան մահազդով։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Եւա Սանթալուի բարի ու ազնիւ հոգւոյն։ Մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք ամուսնոյն՝ Գէորգ Սանթալուին, զաւակներուն, թոռնիկներուն, բոլոր ընտանեկան պարագաներուն՝ ի մասնաւորի մեր սիրելի բարեկամ Հայկ-Անժէլ Ասլանեան ամոլին։

Երկուշաբթի, Յունիս 7, 2021