ՃՇԴՈՒՄ

Երէկուան մեր թիւին մէջ հաղորդած էինք, որ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան, ուր կը մասնակցի Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի ժողովին։ Լրատուութեան մէջ վրիպումով նշուած էր, որ Ալէն Թեքպըչաք Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետն է։ Մինչդեռ ան թէեւ մաս կը կազմէ Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբին, սակայն ատենապետը Հայկարամ Քարասուն է, որ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախկին ատենապետներէն մին է։

Ուստի, այս վրիպումը կը ճշդենք՝ ապաւինելով Հայկարամ Քարասուի եւ մեր ընթերցողներու ներողամտութեան։  

Չորեքշաբթի, Յունիս 7, 2023