«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԻ ՓՈՐՁԵՐԸ ՎԵՐՍԿՍԱՆ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն ներս վերաձեռնարկեց աշխատանքի։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած երկարատեւ ու ստիպողական դադարէն վերջ, նախընթաց օր համոյթի փորձերը վերսկսան Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրէն ներս։ Բաց աստի, Գարակէօզեանի գեղարուեստի եւ մշակոյթի աշխատանոցի համալիրէն ներս ալ փորձեր կ՚իրականացուին «Մարալ»ի կողմէ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, տարիքային դասաւորումներու հիման վրայ յառաջ կը տարուին աշխատանքները։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի անմիջական օգնականներն են՝ Փաթրիսիա Էօքքէ, Ռոյ Մերքեզօղլու, Մելանի Մենշուր եւ Մելինա Աբրահամեան։

Մինչ համոյթի մօտ աշխատանքներու վերսկսման առթած ուրախութիւնը կը տիրապետէ, Կարպիս Չափքան խոր երախտագիտութիւն յայտնեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ գործակից ընկերներուն, ինչպէս նաեւ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաքին եւ գործակից ընկերներուն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021