ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍ
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի ընթացաւարտ աշակերտներուն հանդէսը տեղի ունեցաւ, նախընթաց հինգշաբթի իրիկուն, դարաւոր կրթօճախի պարտէզին մէջ, միշտ յարգելով համաճարակի պարտադրած նախազգուշական միջոցառումները: Այս տարի վարժարանը կու տար իր հիմնադրութեան 196-ամեակի երեսունինն պատուաբեր շրջանաւարտները: Հանդէսին ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, ատենապետ Արման Գամառի գլխաւորութեամբ՝ վարժարանի մատակարար մարմնի անդամ եւ անդամուհիները, վարժարանի տնօրէնութիւնները, ուսուցչաց կազմը, ծնողաց միութիւնը եւ ծնողներ:
Օրուան խօսնակներն էին աւարտական դասարանէն շնորհալի մանկամարդուհի մը՝ Լիա Պերին եւ շնորհալի երիտասարդ մը՝ Էմիլ Սաման: Հանդէսի բացման առթիւ խօսնակները նախ ամպիոն հրաւիրեցին Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանը: Հայր Յակովբոս իր խօսքերուն սկսաւ նախ արտայայտելով իր խոր կսկիծը, զոր կը զգայ նորոգ հանգուցեալ, Մխիթարեան սան՝ Եդուարդ Գովանի դառն կորուստին առթիւ: Թուելով Եդուարդ Գովանի որպէս ելմտագէտ-հաշուապահ, կրթական ու գրչի մշակ, բառարանագէտ եւ հանրային գործիչ ազգին բերած անգին ծառայութիւնները, յիշելով նաեւ որպէս բազմաթիւ արժանիքներու տէր գլխագիր մարդ հանգուցեալին բարի ու պարկեշտ նկարագիրը, յարգանքով խոնարհեցաւ անոր խնկելի յիշատակին ու բեղուն վաստակին առջեւ: Վարդապետը սրտանց աղօթեց, որ մեր կեանքի Տէրն ու Փրկիչը իր անխառն ուրախութեան եւ յաւիտենական կեանքին արժանացնէ հանգուցեալը եւ Ս. Հոգւոյն մխիթարութիւնը շնորհէ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն: Յետոյ վարդապետը ըրաւ տղոց ուղղեալ իր սրտի խօսքը: Բարձր գնահատելով Մխիթարեան յարկին տակ տղոց ջամբուած ուսման մակարդակը եւ փոխանցուած մշակութային ժառանգութիւնը, Հ. Յակովբոս Վարդապետը տղոց պատգամեց տէր կանգնիլ այդ անգին արժէքներուն: Վարդապետը մասնաւորապէս ընդգծեց, թէ համալսարանական ուսումը մարդուս կեանքին մէջ կարեւոր հանգրուան մը ըլլալով հանդերձ, ատկէ ա՛լ աւելի կարեւոր են անհատական նկարագիրը, խելացիութիւնը, ճարպիկութիւնը եւ կարողութիւնները, որոնք նպաստաւոր դռներ կը բանան երիտասարդներուն առջեւ: Եւ վերջապէս ան տղոց ուղղեց իր բարեմաղթանքները, Աստուծմէ հայցելով, որ անոնց կեանքը միշտ խինդով լեցուի եւ անոնց բոլոր նախաձեռնութիւնները պսակուին պատուաբեր յաջողութեամբ:
Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի բարեմաղթութիւններուն յաջորդեց ընթացաւարտ դասարանէն երկու խոստմնալից աշակերտներու ելոյթները: Յանուն աւարտական դասարանի՝ Նորա Գալուստեան եւ Ռուտի Թեմիզէլ արտայայտեցին իրենց զգացումները: Անոնք իրենց երախտագիտական զգացումները յղեցին վարժարանի զոյգ վարդապետներուն՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի, Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմին, որոնք միշտ զիրենք քաջալերած էին, որպէսզի հասնին ամենալաւին ու կատարեալին: Տղաքը մասնաւորաբար շեշտեցին, թէ որպէս աւարտական դասարանի աշակերտներ մեծ պատիւ կը զգան մխիթարեանցի կոչուելէ եւ իրենց համար հպարտութեան մեծ պատճառ մըն է այսպիսի դարաւոր կրթօճախի մը մասնիկը ըլլալն ու այսպիսի արժէքաւոր կրթական մշակներու ձեռնասունները դառնալը: Նաեւ ներկաները վստահեցուցին, թէ իրենց կատարած ամէն գործի վրայ միշտ պիտի դնեն մխիթարեանցիի դրոշմը եւ ամէնուրեք լաւագոյնս պիտի ներկայացնեն այս կրթական հաստատութիւնը:
Տղոց ելոյթներուն յաջորդեց Մխիթարեանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի ուղերձը: Ան շրջանաւարտներուն յղեց երջանկութեան, առողջութեան եւ յաջողութեան իր սրտագին մաղթանքները, յոյս յայտնելով, թէ անոնք միշտ պիտի ըլլան տիպար մխիթարեանցիներ: Նաեւ արտայայտեց իր խորին համոզումը այն մասին, թէ շրջանաւարտներուն բոլորն ալ զատ զատ շատ յաջող եւ երջանիկ պիտի ըլլան իրենց ընտրած ուղիին մէջ, քանի որ անոնք միմիայն ջանասէր եւ կարգապահ աշակերտներ չէին, անոնք այս առաքինութիւններուն քով իրենց մէջ լիուլի խտացուցած էին նաեւ սէրն ու յարգանքը:
Յետոյ ներկայ հոգեւորականներու, վարժարանի վարիչներու եւ ուսուցիչներու ձեռամբ աշակերտներուն յանձնուեցան վարժարանի խորհրդանշական վկայականները: Յատուկ նուէրներով վարձատրուեցան նաեւ յաջողագոյն աշակերտները՝ Նորա Գալուստեան, Ռուտի Թեմիզէլ եւ Լիա Պերին: Նորա Գալուստեան թուաբանութեան եւ գիտութեան դասերու մէջ իր ցուցաբերած բացառիկ յաջողութեամբ արժանացաւ նաեւ Բարսեղ Սարայլը ոսկեդրամին: Յանուն Մխիթարեան սանուց միութեան՝ Արսէն Գովան եւ Վարդան Պալմումճեան եւս շրջանաւարտ աշակերտներուն համար պատրաստած էին իմաստալից նուէրներ՝ վրան աշակերտին անունը փորագրուած ինքնահոս գրիչներ: Անխտիր բոլոր աշակերտները ողջունուեցան ծափողջոյններով:
Յետոյ բարձրախօսը յանձնուեցաւ Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի, որ ներկաներուն փոխանցեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի պատգամը: Զեքիեան Գերապայծառ, որ Զմմառի մէջ Ս. Սինոդի ժողովներուն մասնակցելու պատճառաւ ակամայ կը բացակայէր այս գեղեցիկ հանդէսէն, տղոց կը յղէր իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները: Հազար փառք տալով Բարձրեալին, որ այս տարի եւս զիրենք արժանի դարձուցած էր բոլորելու ուսումնական յաջող տարեշրջան մը իր ատոք հունձքով, Զեքիեան Գերապայծառ կը շնորհաւորէր վարժարանի բոլոր արժէքաւոր, նուիրեալ, փութաջան աշխատակիցները վարժարանի կարիքներուն բոլոր հարթակներուն վրայ՝ ուսումնականէն եւ կրթականէն մինչեւ մարզականը, տնտեսականը եւ կենցաղայինի եւ առօրեայի բոլոր սպասարկութիւնները: Յիշեցնելով, թէ դպրոցը կը մնայ որպէս հիմնական դարբնոցը նոր սերունդներուն, Գերապայծառը կ՚ընդգծէր, թէ Մխիթարեան վարժարանին ամենակարեւոր առաքելութիւններէն մէկն ալ մեր մայրենիին, Մեծասքանչին պահպանումն ու աւանդումն է:
Շրջանաւարտներուն եւ ներկաներուն ուղղեալ իր սրտի խօսքը ըրաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ իր խօսակցութեան սկսաւ մէջբերելով հոգելոյս Տ. Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի մէկ խօսքը. «Անխելք աշակերտ չկայ, անխելք ուսուցիչ կայ»: Կատակելով «Մխիթարեանի ուսուցիչները այս խօսքը իրենց վրայ չառնեն» ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ մասնաւորաբար շեշտեց տղուն միտքը, հոգին եւ անհատականութիւնը մշակելու կարեւորութիւնը: Սրբազան Հայրը եւս շնորհաւորեց Մխիթարեանի այս առատ հունձքը եւ տղոց յորդորեց յետագային անպայման ծառայել համայնքին:
Եւ տղոց ոգեւորութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ ընթացաւարտ տղաքը միասնաբար կտրեցին իրենց շրջանաւարտութեան կարկանդակը:
Այս անմոռանալի երեկոյթին աշակերտները եւ ուսուցիչները պատուասիրուեցան ընթրիքով: Անոնք նկարուեցան եւ զուարճացան Արման Ծատուրի հաճելի երաժշտութեան ներքեւ:
Այսպէս՝ 1 յուլիս 2021, հինգշաբթի իրիկուն Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը տուաւ իր 196-րդ տարեշրջանի ընթացաւարտները՝ բոլորն ալ իրարմէ անուշիկ երիտասարդներ, որոնք անտարակոյս իրենց նուաճումներով ապագային պատիւ պիտի բերեն իրենց վարժարանին ու ազգին եւ որոնց տեղը անփոխարինելի ու անմոռանալի պիտի մնայ Մխիթարեանի պատմութեան մէջ: