ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց երեկոյեան, Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ ընդունելութեամբ մը հիւրասիրեց Աթոռի «Հայ Մենթի-Մենթոր» ծրագրի անդամները։ Այս ընդունելութեան ընթացքին երիտասարդներ համախմբուեցան Պատրիարքարանի երդիքին ներքեւ ու մեր Հոգեւոր Պետին ձեռամբ ստացան վկայականներ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, ծրագրի խորհրդատու Մերի Թաքսի Տեւեճեան, համակարգող Ժպիտ Էօղէր եւ Քարոլին Իւչէր Իչլիյիւրէք։ Քոնաժահրի համավարակի սահմանափակումներուն պատճառով ընդունելութիւնը սահմանափակուած էր երեսուն երիտասարդ-երիտասարդուհիներով։

Բարի գալստեան խօսքը արտասանեց Ժպիտ Էօղէր եւ յայտնեց, թէ ինք երրորդ շրջանը կը բոլորէ «Մենթի-Մենթոր» ծրագրէ ներս։ Իր ուրախութիւնը յայտնելով՝ մաղթեց, որ յաջորդ շրջաններուն եւս շարունակէ այս ծրագրին նպաստել։ Յաջորդաբար, 2020-2021 տարեշրջանին ծրագրի մասնակից երիտասարդները ստացան վկայականներ։

Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ իրականացած հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ երիտասարդներ Պատրիարքարանի երդիքին ներքեւ համախմբուած են։ Այս առիթով յիշեցուց, թէ Պատրիարքարանը բոլորին տունն է եւ յատկապէս երիտասարդներ զանազան առիթներով պէտք է ներկայ գտնուին այստեղ ու շնչեն իրենց հոգեւոր կեդրոնին մթնոլորտը։ Պատրիարք Հայրը սոյն ծրագիրը որակեց պտղատու եւ օրհնեալ աշխատութիւն ու մաղթեց, որ այն շարունակական ներկայութիւն դառնայ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ։

Նորին Ամենապատուութեան ելոյթէն յետոյ ներկաներ առիթն ունեցան իրարու հետ զրուցելու։ Ընդունելութեան ընթացքին գեղեցիկ տեսարան էր նաեւ Պատրիարքարանի պարտէզի մէջ գտնուող Կոմիտաս Վարդապետի արձանին մօտ երիտասարդներէն Երազ Չաղլաեանէ լսել Մեծ Վարդապետի յօրինումներէն նմոյշներ։

Ընդունելութեան աւարտին երիտասարդներ տպաւորուած հրաժեշտ առին եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, որ Պատրիարք Հօր հետ մօտէն զրուցած, նաեւ իր քաջալերական արտայայտութիւնները անձամբ լսած էին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021