ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԷՆ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԷՅՊԷԼԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԸ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն խումբ մը հաւատացեալներ շաբաթավերջին այցելեցին Հէյպէլի կղզիի յունաց պատմական վանքը։ Հաւատացեալները գլխաւորեց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Խումբը հիւրընկալուեցաւ վանահայր Քասիանոս մետրապոլիտին կողմէ։ Այցելութեան մասնակիցները վառ տպաւորութիւններ ունեցան պատմական վանքի ընդարձակ համալիրէն ներս։ Անոնք հիւրընկալուեցան նաեւ սիրոյ սեղանի մը շուրջ։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 7, 2023