ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Այս շաբաթավերջին պիտի կատարուի Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որ ամէն տարի Խաչվերացի տօնին կը զուգադիպի։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղականները տարեկան տօնախմբութեան ընդառաջ այցելեցին Գումգաբու եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստացան։ Նորին Ամենապատուութիւնը նշեց, որ թաղականներու հրաւէրին ընդառաջ՝ պիտի նախագահէ աւանդական արարողութիւններուն։ Զրոյցի տեւողութեան արծարծուեցան թաղային խորհուրդի գործունէութեան այժմու առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ զանազան նիւթեր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց արձանագրուած ձեռքբերումներուն համար եւ թաղականներուն հետ բաժնեց իր դիտարկումներն ու հայրական թելադրութիւնը։

Հուսկ, ան Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքներ։ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2022