ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՎԵՐՇԱՅԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ «ԻՄ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԷՆ ԱՐԵՒԵԼՔ»
Նկարչուհի Վերշա ներկայիս անհատական նոր ցուցահանդէսով մը կը ներկայանայ գեղարուեստասէր հասարակութեան։ Երէկ երեկոյեան, Թեշվիքիէի «Տերինլիքլէր» գեղարուեստական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վերշայի ցուցահանդէսին բացումը։ «Իմ տպաւորութիւններս՝ արեւմուտքէն արեւելք» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Հոկտեմբերի 22-ը։ Վերշա ցուցահանդէսին շրջագծով ներկայացուած իր ստեղծագործութիւններով գեղարուեստասէրները հաճելի ուղեւորութեան մը կ՚առաջնորդէ՝ Փորթուգալէն մինչեւ Հայաստան։ Ան բազմաթիւ երկիրներու իր վրայ թողած հետքը, իրեն առթած զգացումները գեղարուեստասէրներուն կը ներկայացնէ՝ համադրելով իր երեւակայութեան հետ։ Վերշայի մօտեցումը այն է, որ նկարչութիւնը պաստառի վրայ բանուած փիլիսոփայութիւն մըն է, իսկ իր ստեղծագործութիւնները իսկապէս վառ դրսեւորումներով կը ցոլացնեն այդ փիլիսոփայութիւնը։
Այս նոր անհատական ցուցահանդէսի բացման առթիւ Վերշա երէկ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր արուեստի համակիրներուն կողմէ։ Բացման ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Մագ. Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։
Վերշայի այս ցուցահանդէսը ապահովաբար հաճելի անակնկալներ կը վերապահէ բոլոր գեղարուեստասէրներուն համար։