Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութեան։ Պատարագիչն էր Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Հաւատացեալները, որոնք լեցուցած էին եկեղեցին, ուր արարողութեան ընթացքին ունկնդրեցին հանդիսադիր սրբազան հօր պատգամին։

Յաւարտ արարողութեան եկեղեցւոյ բակին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկայ հաւատացեալները ջերմօրէն շրջապատեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը։ Այս առթիւ նորին սրբազնութիւնը անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց հաւատացեալներուն հետ եւ պատասխանեց անոնց զանազան հարցումներուն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2019