ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Գումգաբուի ընտանիքը կը պատրաստուի այս շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան։ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական նուիրահաւաքը այս տարի պիտի կատարուի՝ համաճարակի սահմանափակումներուն պարտադրած ձեւով։ Սիրոյ սեղան պիտի չսարքուի, սակայն եկեղեցական արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան ըստ պատշաճի։

Տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան ընդառաջ, երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու աշխոյժ գործակիցներէն Արուշ Ավճը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի մանրամասն բացատրութիւններ տուին թաղի այժմու կացութեան՝ մանաւանդ Պէզճեան Մայր վարժարանի առկայ կարիքներուն շուրջ։

Այս տարի 1 միլիոն 445 հազար լիրայի սահմանին հասած է Պէզճեան Մայր վարժարանի պիւտճէի տարեկան բացը։ 105 աշակերտ ունի դպրոցը, ուր մասնագիտական ու վարչական անձնակազմը ամէն զոհողութիւն յանձն կ՚առնէ առաւելագոյնը մատուցելու նպատակով։ Թաղականները ուրախութեամբ մատնանշեցին, որ Պէզճեան Մայր վարժարանը այս տարի ռոպոթիքի աշխատանոցով մը օժտուած է։ Մեր համայնքէն Ղազարոս Ալճալի բարերարութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը՝ ի յիշատակ իր հոգելոյս կողակցին Մարին Ալճալի։ Դպրոցի նախկին համակարգչային սենեակը այսպէսով ամբողջութեամբ վերափոխուած է եւ ժամանակակից սարքաւորումներով վերազինուած։ Սա լուրջ հնարաւորութիւն մըն է Պէզճեան Մայր վարժարանի աշակերտներուն համար, որպէսզի անոնք ապագային կարողանան ընթանալ արդի փորձագիտութիւններու ճանապարհով։

Մեր զրոյցի տեւողութեան թաղականները յայտնեցին, որ կը վստահին համայնքի զօրակցութեան՝ Մայր վարժարանի գործունէութիւնը կայուն հունի մէջ պահելու նպատակով։

Ի լրումն այս բոլորին, մեր զրուցակիցները շեշտեցին, որ համայնքէն ներս կը շարունակէ հրատապ բնոյթ ներկայացնել՝ մատակարար մարմիններու առկախուած ընտրութիւններուն հարցը։ Որքան որ ալ այս խնդրի լուծման լուրջ հեռանկար մը չըլլայ, որքան որ ալ պղտոր իրավիճակ մը ստեղծուած ըլլայ, ապա անփոփոխ կը մնայ այն իրողութիւնը, որ առկախ-ւած ընտրութիւններու խնդիրը կ՚անդամալուծէ մեր համայնքային կեանքը եւ լուրջ կաղացումներու պատճառ կը դառնայ։ Այժմու աշխարհական վարչայինները արդէն գործնականին մէջ բնականոն պաշտօնավարութեան չորրորդ ժամկէտը թեւակոխած են։ Գումգաբուի թաղականները շեշտեցին, որ սա իսկապէս ծանր երեւոյթ մըն է համայնքային աշխարհական վարիչներուն տեսակէտէ, որոնք սիրողական հիմքով ծառայութիւն կը մատուցեն եւ սիրողական հիմքով պատասխանատուութիւն ստանձնած են։ Ուստի, շատ էական է, որ ժամ առաջ հերթի փոփոխութիւն մը տեղի ունենայ ու գայ նոր սերունդ մը՝ կատարելու համար իր պարտականութիւնը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2020