ՈՍԿԻ ԱՇՆԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔ
Իսթանպուլահայ սանուց եւ հայրենակցական միութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ երէկ Օրթագիւղի մէջ տեղի ունեցաւ աշնան բացօթեայ հաւաք մը։ «Ոսկի աշուն»ի աւանդութիւնը տեւականացնելու եւ ձմեռնամուտը միասնաբար ողջունելու տեսանկիւնէն հաճելի նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը, որու նախընթացը ձեւաւորուած է տարիներէ ի վեր։ Բացօթեայ հիւրասիրութեան մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ այս աւանդական հաւաքը, որու ընթացքին Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան ներկաներուն փոխանցեց հակիրճ խօսք մը։ Երիտասարդ կրթական մշակ Մելիսա Խրիմեանն ալ արտասանեց օրուան յայտագրին շրջագծով։
Հաւաքին մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց եւ ատեն-ատեն ալ պար բռնեցին իրարու հետ։