ԳԷՈՐԳ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի խորհրդական Գէորգ Պետրոսեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս, երէկ հիւրընկալուեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Իրեն ընկերացաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։

Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէնուհիները՝ Եւա Օրագեան, Էլտա Գարակէօզեան եւ Քաթիա Վարկը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Գէորգ Պետրոսեանը, որ դպրոցի համալիրէն ներս շրջայց մը կատարելու զուգահեռ այցելեց նաեւ յարակից Անարատ Յղութեան մատուռը։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին Գէորգ Պետրոսեան մանրամասն տեղեկութիւններ ստացաւ Մխիթարեան վարժարանի գործունէութեան եւ առաքելութեան մասին։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց նպաստելու համար դարաւոր կրթօճախի գործունէութեան։

Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան ի յիշատակ այցելութեան Գէորգ Պետրոսեանին յանձնեց նաեւ Մխիթարեան վարժարաններու պատմութեան եռահատորը։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018