ՄՏԵՐՄԻԿ ԶՐՈՅՑ՝ ՆՇԱՆ ԵԱՂՈՒՊԵԱՆԻ ՀԵՏ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, երէկ, քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի առաջնորդութեամբ՝ տեղի ունեցաւ ճաշու ժամերգութիւն եւ քարոզխօսութիւն։ Օրուայ պատուոյ հիւրն էր թաղեցի բարձր ճարտարապետ Նշան Եաղուպեան։ Ներկաներու շարքին էին եկեղեցւոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ մեծարեալի անմիջական բարեկամներէն Տքթ. Ժիրայր Ճամկէօզեան։

Հայր սուրբը նախ ծանօթացուց Նշան Եաղուպեանը, յետոյ խօսեցաւ սրբութեան եւ մաքուր կենցաղի գաղափարներուն շուրջ։ Ան յիշեցուց, թէ Քրիստոս որպէս փրկիչ միշտ սրբութեան ճանապարհին ընդմէջէն կը միտի փրկել հաւատացեալները։ Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր հաւատացեալ կոչուած է իր կեանքի օրինակով աշակերտելու Քրիստոսի եւ հաւատքի պտուղները ցոյց տալու ամէնուրեք։ Ապա որպէս օրինակ ցոյց տալով ներկայ մեծարեալը՝ ըսաւ, թէ լաւ մարդ ըլլալ, իր գործին մէջ պատուաբեր ըլլալ, աշխատասէր ըլլալ, արդար ըլլալ կը նշանակէ՝ Աստուծոյ սրբութեան հրաւէրին հետեւիլ։ Իր խօսքի աւարտին հայր սուրբը ըսաւ. «Տարբեր ժամանակներու, տարբեր վայրերու եւ տարբեր պայմաններու ներքեւ շատ անձեր գոյութիւն ունին։ Մենք եւս մեզի սահմանուած ժամանակով եւ մեր կեանքի պայմաններով կոչուած ենք սրբութեան ջահակիրները դառնալու»։

Քարոզխօսութեան աւարտին, ներկաներ համախմբուեցան եկեղեցւոյ «Պալըքճեան» սրահին մէջ, ուր ցուցադրուեցաւ «Հայճար»ի կողմէ պատրաստուած «Mimarlığa Doymayan Adam: Nişan Yaubyan» ժապաւէնը։ Ներկաներ առիթն ունեցան զանազան անձերու վկայութիւնները լսելու ի մասին Նշան Եաղուպեանի։ Անգամ մը եւս կը մատնանշուէր իր օրինակելի վարքը ճարտարապետական ոլորտէ ներս, ինչպէս նաեւ ան կը ներկայացուէր որպէս պարկեշտ, աշխատասէր, խոնարհ ու հեզահամբոյր անձնաւորութիւն։

Ցուցադրութեան աւարտին տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ օրուան մեծարեալը։ Այս առթիւ Նշան Եաղուպեան իր ուրախութիւնը յայտնեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպութեան համար։ Ան մատնանշեց, թէ շատ սիրած է աշխատիլը եւ նոյն աշխատութեան մէջ գտած է անսահման գիտելիքներու երջանկութիւնը։ Ապա կատարուեցաւ մտերիմ զրոյց։ Յանուն ներկաներուն Անի Պարոնեան արտայայտուեցաւ եւ արտասանեց «Մաղթանք» անուն բանաստեղծութիւնը։ Այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարեալին, որ ընդառաջելով հրաւէրին մասնակցած էր սուրբգրային սերտողութեան աշխատութեան։ Կատարուած հաճելի զրոյցի աւարտին, առ ի շնորհակալութիւն յուշանուէր մը յանձնուեցաւ նաեւ օրուան մեծարեալին։  

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018