ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐՇԱՒ

Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ե­րէկ ժա­մադ­րուած էին Գում­գա­բուի մէջ՝ Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ եւ յա­րա­կից Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած տա­րե­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան առ­թիւ։ Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ օրուան պատ­գա­մը տուաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի տե­սա­կէ­տէ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ներ­կայ հանգ­րուա­նին կազ­մա­կեր­պուած սի­րոյ սե­ղա­նէն դուրս ե­կաւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ յա­ջող, գո­հա­ցու­ցիչ ար­դիւն­քով։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին մօտ տե­ղի ու­նե­ցած հեր­թի փո­փո­խու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ ու­րա­խա­ռիթ է, որ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը դար­ձեալ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձու­ցած են մեր այս կրթօ­ճա­խը, որ մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով կը գո­յա­տե­ւէ եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր։ Այս ար­դիւն­քը վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քին՝ որ­պէս­զի շա­րու­նա­կէ աշ­խա­տիլ վճռա­կա­նու­թեամբ՝ վար­ժա­րա­նի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կա­յուն պա­հե­լու հե­ռան­կա­րով։

Ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ լե­ցուն էր Մայր ե­կե­ղե­ցին, ուր պա­տա­րա­գեց Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Տ. Մի­նաս Քհնյ. Ճի­հան­կիւ­լեան եւ Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Վահ­րամ Սրկ. Լիւ­լէ­ճեան եւ Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լութ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Պէ­յօղ­լուի Լու­սա­ւո­րիչ երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեա­նի  ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ Ա­րէտ Պոզ­թա­շի եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ։ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ ալ Ս. Պա­տա­րա­գին հե­տե­ւե­ցան՝ հա­մախմ­բուած հան­դի­սա­դիր Սրբա­զան Հօր գա­հուն շուրջ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին քա­րոզ մը խօ­սե­ցաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ յա­րա­կից «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւ­նը, նոյն­պէս քա­հա­նայ հայ­րե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ներ­կայ էին Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան, Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, բա­րե­րար­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, դպրո­ցի զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­ներ, հա­մա­կիր­ներ եւ հիւ­րեր։ Սի­րոյ սե­ղա­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կազ­մա­կեր­պուած էր որ­պէս մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն ի պա­տիւ հա­մայն­քա­յին յայտ­նի բա­րե­րար­նե­րէն Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի, որ տասն­մէկ եր­կար տա­րի­ներ տի­րա­բար վա­րեց Թոփ­գա­բուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տի պաշ­տօ­նը եւ այդ շրջա­նին Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նը փրկուե­ցաւ ան­դուն­դի եզ­րէն։ Հե­տե­ւա­բար, Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը փա­փա­քած էր ար­տա­յայ­տել իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը Մո­նիք Եր­կա­նեա­նին եւ ա­մուս­նոյն՝ հա­մայն­քա­յին բազ­մա­մեայ բա­րե­րար Ա­րէտ Եր­կա­նեա­նի։ Ար­դա­րեւ, Ա­րէտ եւ Մո­նիք Եր­կա­նեան ա­մո­լը Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ար­դի տա­րեգ­րու­թեանց մէջ թո­ղած են անջն­ջե­լի հետք մը եւ իբր այդ ե­րէկ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ձե­ռամբ ի­րենց յանձ­նուե­ցան յու­շա­նուէր­ներ։ Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քի ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րուն ա­ռար­կայ դար­ձաւ նաեւ հա­մայն­քա­յին այլ յայտ­նի բա­րե­րար մը՝ Բար­սեղ Սա­րայ­լը, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն իր հո­գա­ծու­թեան ա­ռար­կայ կը դարձ­նէ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նը ու կը խրա­խու­սէ ա­նոր վե­րել­քը։ Բար­սեղ Սա­րայ­լըն ալ ե­րէկ ստա­ցաւ յու­շա­նուէր մը ձե­ռամբ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան։

Սի­րոյ սե­ղա­նի յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Պա­րոն Նալ­պան­տի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ե­լոթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Թոփ­գա­բուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մու­րատ Չա­քան եւ Մո­նիք Եր­կա­նեան, որ այս տա­րի գլխա­ւո­րած էր մա­տա­ղօրհ­նու­թեան կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը։

Գե­ղա­րուես­տա­կան բաժ­նին մէջ հան­դէս ե­կան Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը։ Ար­տա­սա­նե­ցին՝ Առ­լին Քազ, Գա­րի­նա Եըլ­տը­րըմ, Լի­զա Աշ­ճը, Լի­տիա Աշ­ճը, Է­լա Չը­րաք եւ Ա­ռէն Պիթ­մէզ։ Տղա­քը նաեւ պա­րեր ներ­կա­յա­ցու­ցին՝ Կա­րի­նէ Մար­տի­կեա­նի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Իսկ խմբերգ­նե­րը ղե­կա­վա­րեց Գա­րին Սուս­մաք։ 

Յայ­տագ­րի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ բարձր գնա­հա­տեց Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի տա­րած աշ­խա­տան­քը ու դրուա­տի­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ տասն­մէկ եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ա­նոր կող­մէ ներդ­րուած ե­ռան­դին, վաս­տա­կին ու ցու­ցա­բե­րուած ծա­ռա­յու­թեան ո­գիին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Իր խօս­քե­րով, Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ այ­սօր Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի առ­կայ կա­րիք­նե­րը շատ ա­ւե­լի ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն ա­ռար­կայ կը դառ­նան հա­մայն­քի ու­շադ­րու­թեան եւ մեր հա­մայն­քը ա­ւե­լի մեծ զգայ­նու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ այս կրթօ­ճա­խին նկատ­մամբ։

Միա­բե­րան եր­գուած Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քէն վերջ հա­ւա­քոյ­թին մաս­նա­կից­նե­րը ար­ձա­կուե­ցան՝ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, կրկնե­լով նաեւ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015