ՇԻՒՔՐԻՒ ԿԵՆՉԻ ՏԱՆՏԻՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

Սարըեէրի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենչ երէկ երեկոյեան «Կրան Թարապիա» պանդոկին մէջ կազմակերպեց իր աւանդական ամանորեան երեկոյթը։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիւքրիւ Կենչ վերջին տարիներուն Ամանորի շրջանին ընթրիք կը կազմակերպէ քաղաքիս փոքրամասնական շրջանակներուն եւ հասարակութեան այլ զանազան խաւերու ներկայացուցիչներուն համար։ Այս տարուան ընթրիքը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան եւ բնորոշուեցաւ մանաւանդ աշխարհի խաղաղութեան եւ Թուրքիոյ մէջ կայունութեան համար դրական մաղթանքներով։ Սարըեէրի քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած ընթրիքին հրաւիրուած էին նաեւ դիւանագիտական շրջանակներէ դէմքեր, հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ, կրօնական առաջնորդներ, մտաւորականներ եւայլն։

Մեր համայնքէն մասնակցեցան Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան, Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, համայնքային բազմաթիւ հաստատութիւններէ վարչայիններ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։ Ընթրիքի մասնակիցներու շարքին էր Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան՝ իր կողակցին հետ։ Կալաթասարայ մարզակումբի նախագահ Տուրսուն Էօզպէք, յայտնի գրող ու երաժիշտ Զիւլֆիւ Լիվանէլի եւս պատուոյ սեղանին շուրջ էին։

Երեկոյթի ընթացքին արտասանուեցան ճառեր եւ գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Հատուեցաւ նաեւ Ամանորի կարկանդակ մը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2017