ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Երէկ երեկոյեան Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ մեր համայնքի նոր սերունդին ուղղեալ ժամադրութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ ամառ Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբը աշխատանքի լծուած է Խորհրդակցական մարմնին առընթեր։ Երիտասարդները առաջին հերթին ներկայացուցած էին ընդհանուր ծրագրի կմախք մը, որով կը նախատեսուէին բազմակողմանի ձեռնարկներ։ Այս ամբողջին մէջ էր «Առաջնորդուող-առաջնորդ» նախագիծը։ Յարաբերաբար աւելի փորձառու երիտասարդ մը կ՚ուղղորդէր ուրիշ երիտասարդներու աշխատանքը յստակ ուղղութիւնով մը։

Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ երէկ երեկոյեան այս ծրագրի սկզբնական քայլը առնուեցաւ։ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի եւ Պաքըրգիւղի շրջակայքէն շուրջ յիսուն լիսէական երիտասարդ։ Այս առթիւ անոնք ծանօթացան իրենց առաջնորդ հանդիսանալիք երիտասարդներուն հետ։ Տղաքը ունեցան հաճելի ժամանց եւ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ գիրկընդխառնուեցան իրարու հետ։ Գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր։ Երեկոյթի ընթացքին նորին սրբազնութեան կողքին էին Խորհրդակցական մարմնի անդամներէն Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ Վազգէն Պարըն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018