ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց յայտնի նկարչուհի Պերճուհի Պէրպէրեանը։ Զրոյցի ընթացքին Պերճուհի Պէրպէրեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուց, որ յառաջիկային նախատեսուած է իր նոր ցուցահանդէսը։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ քաղեց արուեստագիտուհիի ծաւալած գործունէութեան վերջին փուլերուն շուրջ։ Ան գնահատեց Պերճուհի Պէրպէրեանի ստեղծագործական աշխատանքը, մաղթեց յարատեւութիւն եւ անոր տուաւ օրհնութիւնները։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի տեղեկատուական եւ հրատարակչական բաժանմունքներու տեսուչ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2024