ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գարակէօզեանի «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցներու մասնակիցները Ամանորը դիմաւորեցին խրախճանքով մը։ Վերջին շուրջ երեք ամսուան ընթացքին աշխատանոցներու ծրագրին մասնակից եօթ տասնեակ փոքրիկներ մասնակցեցան այս խրախճանքին, անոնց միացան նաեւ ութ չափահասներ։ Փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ ողջունեցին Կաղանդ պապուկը, որմէ ստացան նուէրներ։ Աշխատանոցի պատասխանատու Առլին Շահպազ Շերեմէթ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան հակիրճ խօսքով մը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց աշխատանոցի ծրագրերու մասնակից փոքրիկներու ծնողներուն։

Բոլորը փոխանակեցին բարեմաղթանքներ՝ շնորհաւորելով իրարու Ամանորը։

Երեքշաբթի, Յունուար 8, 2019