ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄ

Մեր համայնքի պատանի մարզիկներէն Տիգրան Էօզպիւլպիւլ վերջերս դարձաւ Իսթանպուլի՝ 9 տարեկաններու դասաւորման ճատրակի ախոյեանը։ Այս յաջողութիւնը կ՚իմաստաւորուի շարունակականութեան մէջ՝ այն առումով, որ Տիգրան Էօզպիւլպիւլ անցեալ տարի ալ 8 տարեկաններու դասաւորման մէջ եղած էր ախոյեան։ Ան Իսթանպուլի ճատրակի միութեան կողմէ հասցուած ամենաերիտասարդ ախոյեանն է ներկայիս։ Ճատրակի մարզին մէջ երկար ատենէ ի վեր Տիգրան Էօզպիւլպիւլ կ՚արժանանայ ուշադրութեան՝ հակառակ իր փոքր տարիքին։ Ան կարգապահ աշխատանք մը կը տանի Առնօ Կարապետեանի հսկողութեան ներքեւ։ Խտացեալ եւ սիսթեմաթիք իր աշխատանքին պտուղները այժմէն քաղել սկսած է Տիգրան Էօզպիւլպիւլ, որ յառաջիկայ 18-25 յունուարին Անթալիոյ մէջ պիտի մասնակցի Թուրքիոյ տարիքային դասաւորումներու ճատրակի մրցաշարքին։

2019 թուականին Տիգրան Էօզպիւլպիւլ մասնակցութիւն բերաւ 17 մրցաշարքի եւ հանդէս եկաւ 70 տոկոս խաղարկային յաջողութեամբ։ Հինգ անգամ երկրորդ, երկու անգամ ալ առաջին հանդիսանալով ան արժանացաւ զանազան պարգեւներու եւ մրցանակներու։

Տիգրան Էօզպիւլպիւլ ներկայիս Ֆէրիգիւղի վարժարանի երրորդ դասարանը կը յաճախէ։ Երկուքուկէս տարիէ ի վեր ան կը զբաղի ճատրակով եւ իր արձանագրած վերելքին մէջ կարեւոր բաժին մը ունի ուսուցիչին՝ Առնօ Կարապետեանի կողմէ ցուցաբերուած մօտիկ հետաքրքրութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 8, 2020