ՏԱՂԱՒԱՐԸ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, որ վերջին տարիներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հաստատուած է, իսկ ներկայ տարեմուտին կ՚այցելէ քաղաքս։ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան Ղալաթիոյ մէջ մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանն ու իր ընկերները եւ յարակից մարմիններու պատասխանատուները եւս ներկայ գտնուեցան տաղաւարի արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նաեւ Ջրօրհնէք։ Նկատի ունենալով, որ Սուրբ Ծնունդը այս տարի շաբաթավերջի զուգադիպեցաւ, Ղալաթիոյ մէջ ալ համախմբուեցան սովորականէն աւելի մեծ թիւով հաւատացեալներ։ Տօնակատարութիւններու աւարտին բոլորը Սուրբ Ծնունդի աւանդական աւետիսով զիրար շնորհաւորեցին եւ փոխանակեցին անկեղծ բարեմաղթանքներ։

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2024