ՏՕՆԱԿԱՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը այս տարեմուտին դարձեալ տօնական տրամադրութեամբ համակուեցաւ եւ Սուրբ Ծնունդի տաղաւարով ստեղծուած խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։ Մեր համայնքի անդամները զիրար ողջունեցին անկեղծութեամբ տաղաւարի աւետիսով եւ բարեմաղթութիւններով։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան տաղաւարի առթիւ արարողութիւններուն նախագահեց, պատարագեց եւ քարոզեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ալ Ս. Պատարագները անցան տաղաւարի յարիր պայմաններու ներքեւ։ Հայահոծ թաղերու եկեղեցիները, նաեւ հայ բնակչութենէն նօսրացած թաղերու եկեղեցիները համախմբեցին հաւատացեալները։

Սուրբ Ծնունդի օրը, յետմիջօրէի ժամերուն Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ համայնքային աւանդական ընդունելութիւնը։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասու անդամները տօնական մթնոլորտի մէջ մէկտեղուեցան համայնքային վարիչներու եւ բարերարներու հետ։ Ուրիշ տարիներու բաղդատմամբ յարաբերաբար աւելի անշուք էր այս տարուան ընդունելութիւնը, յամենայնդէպս, բոլորը ուրախ էին տաղաւարի օրով զիրար վերագտնելով եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալով։

Նորին Ամենապատուութիւնը ունեցաւ հակիրճ ելոյթ մը (մանրամասնութիւնները կարդալ՝ վաղուան թիւով)։ Ամփոփ բարեմաղթանքներ փոխանցեցին նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը։

Ընդունելութեան աւարտին բոլորը աջահամբոյրի համար ներկայացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ հայրական ջերմ վերաբերմունքով շնորհաւորեց համայնքային վարիչներու եւ բարերարներու տօնը, նաեւ նուիրեց օրհնուած նուռեր։

  

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2024