ՔԱՐԱՔԷՕՍԷ. «ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ ԽՕՍԵՑԱՆՔ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏԸ։ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՎՆԱՍ ԿԸ ՀԱՍՑՆԵՆ ԻՆՉՊԷՍ ԿԱՐԳ ՄԸ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ, ԱՅՆՊԷՍ ԱԼ ԿԱՐԳ ՄԸ ՓԱՍՏԱԲԱՆՆԵՐ»

Սամաթիոյ պատուակալ նախագահ Մելքոն Քարաքէօսէ երէկուան հաւաքոյթէն վերջ ըսաւ. «Մեր Պատրիարքական Աթոռը 557 տարուան հաստատութիւն մըն է։ Այս ընթացքին ունեցած է 84 գահակալ։ Մեր 84 պատրիարքներն ալ ընտրուած են ժողովուրդին կողմէ, ըստ մեր աւանդութիւններուն։ Պարոն նախարարին բացատրեցինք, որ համայնքը կ՚ակնկալէ յաջորդ պատրիարքն ալ ընտրել նոյն ձեւով։ Նախարարին հետ խօսեցանք անհրաժեշտը»։ Մելքոն Քարաքէօսէ աւելի վերջ բացատրեց, որ երէկուան ժողովին ընթացքին նախարարին ներկայութեամբ թոյլ տրուած են կարգ մը անպատշաճ արտայայտութիւններ եւ այս կապակցութեամբ արտայայտեց ցաւ ու վրդովմունք։ «Ինչպէս կարգ մը երեսփոխաններ, այնպէս ալ կարգ մը փաստաբաններ վնաս կը հասցնեն մեր համայնքին», ըսաւ ան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018