ՊԱՏԿԵՐԱՒՈՐ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Շիշլի մարզակումբը վերջերս մասնակցութիւն բերաւ պատկերաւոր ճատրակի մրցաշարքի մը կազմակերպման։ «Լիոնս» ակումբի ցանցի Շիշլիի մասնաճիւղին եւ Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ իրականացաւ շաբաթավերջի այս մրցաշարքը։ Կարգադիր յանձնախումբին մաս կը կազմէին Շիշլի մարզակումբէն Սարվէն Չաքմաք եւ Տիանա Ալթուն։
Այսպիսի մրցաշարքի մը իրականացումը կը համարուի յատկանշական, որովհետեւ պատկերաւոր ճատրակը ինքնին արդէն առաւել ուշագրաւ խաղ մըն է։ Ճատրակի այս ձեւին մէջ մարզիկները կը մրցին առանց իրենց առջեւ ունենալու ճատրակի տախտակ մը։ Անոնք բարձրաձայն կ՚արտայայտեն իրենց քայլերը ու նշումներ կը կատարեն թուղթի վրայ։ Այսինքն, խաղացողները կը մրցին իրենց յիշողութեան եւ երեւակայութեան հաշւոյն։ Այս հետաքրքրական մրցաշարքը ունեցաւ տասն մասնակից եւ արդարացուց ճատրակի սիրահարներուն բոլոր սպասումները։ Մասնակիցներու շարքին էր Արի Քիրեմիտճեան։
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին յուշանուէրներ յանձնուեցան Սարվէն Չաքմաքին, Տիանա Ալթունին, ինչպէս նաեւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թէքպըչաքին։