ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԸ՝ ԴԷՊԻ ՎԵՆԵՏԻԿ

Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանի լիկէոնի բաժինը 25-28 փետրուար 2019 թուականերու միջեւ, օգտուելով նաեւ Բարեկենդանի արձակուրդէն, կատարեց քառօրեայ պտոյտ մը դէպի Վենետիկ: Աւելի քան վաթսուն մխիթարեանցի աշակերտներէ բաղկացեալ խումբը կը գլխաւորէր տնօրէնուհի Եւա Օրագեան: Աշակերտներուն կ՚ընկերակցէր նաեւ չորս ուսուցիչ:

Դէպի Վենետիկ շրջապտոյտին կէտ նպատակին էր անշուշտ այցելել Ս. Ղազար կղզին: Եւ այդպէս ալ եղաւ: Խումբին այցելութեան կարեւորագոյն հանգրուանը հանդիսացաւ Ս. Ղազար կղզիի մէջ Մխիթարեան մայրավանքը, ուր աշակերտները մուտքին դիմաւորուեցան Մխիթար Աբբահօր հսկայ արձանին կողմէ: Մայրավանքի պարտէզին մէջ աբբահայրը իր թեւերը լայն բացած պատրաստ էր ընդունելու անխտիր իրեն բոլոր դիմողները եւ պատրաստ էր անոնց վրայ տարածելու իր անմար լոյսը: Կղզիին մէջ Մխիթարեան հայրերու առաջնորդութեամբ խումբը առիթն ունեցաւ շրջելու միաբանութեան եկեղեցին, գրադարանը, թանգարանը եւ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց հաստատութեան պատմութեան մասին: Միաբանութեան եկեղեցիին մէջ Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան տղաքը լուսաբանեց Մխիթար Աբբահօր եւ Մխիթար ուխտի առաքելութեան շուրջ: Ան նախ տղոց փոխանցեց Մխիթարի մասին կենսագրական տուեալներ: Սկսելով Սեբաստիայէն, Ս. Նշան վանքէն՝ Հ. Համազասպ Վարդապետ քայլ առ քայլ բնութագրեց Մխիթար Աբբահօր կտրած ուղին մինչեւ Ս. Ղազար կղզի: Արդարեւ՝ ինչպէս որ իր տեսիլքին մէջ Աստուածածինը Մխիթարին ըսած էր «Եղիցի», այդպէս ալ իրականացած էր Մեծն Սեբաստացիին ժամանումը Ս. Ղազար կղզի, զայն վերածելու համար հոգեւոր ու մշակութային լուսատու կեդրոնի մը: Վարդապետը մեծ խանդավառութեամբ պատմեց, թէ երբ երկրի տարածքին Նափոլէոն մէկ-մէկ կը գոցէր մենաստանները, վանքերը, ան ինչպէս ձեռք չէր դպցուցած Մխիթարեան միաբանութեան, բարձր գնահատելով անկէ ներս կատար-ւած գրական ու գիտական հսկայ աշխատանքը եւ զայն դասելով ակադեմական ամենաբարձր հաստատութիւններու շարքին: Հայր Համազասպ տղոց յորդորեց նաեւ տէր կանգնիլ ու սերտօրէն փարիլ իրենց կրօնական, ազգային եւ վերջապէս իրենց մարդկային արժէքներուն:

Միաբանութեան եկեղեցիին մէջ մանրամասնօրէն լուսաբանուելէ ետք մխիթարեանցիները անցան յարակից բաժինները: Գրադարանի բաժնին մէջ տղաքը հիացումով ուսումնասիրեցին հոն ապակեայ դարաններու մէջ զետեղուած հայ ձեռագիր արուեստի ամենագեղեցիկ նմոյշները եւ պատերուն վրայ դարձեալ ապակեպատ ցուցատախտակներու ետին ցուցադրութեան դրուած մատեաններէ քաղուած էջերուն մեծահասակ պատճէնները: Իսկ թանգարանի բաժնին մէջ տղաքը առիթն ունեցան տեսնելու պատմական մեծ արժէք ներկայացնող թանկարժէք իրերը, հնութիւնները եւ հոն ի պահ դրուած արուեստի բարձրորակ գործերը: Անտարակոյս տղոց համար հիացումի այլ առիթ մըն էր մօտէն տեսնել հայազգի աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի մեծադիր կտաւները:

Ամբողջ խումբին համար յուզումնառիթ էր մանաւանդ այն պահը, երբ անոնք դէմ առ դէմ եկան Կոմիտաս Վարդապետի դիմաքանդակին հետ: Մեծ Վարդապետին մահուան գոյժը առնելէ ետք՝ այդ օրերու Մխիթարեան հայրերը անմիջապէս փութացած էին վարդապետին անշունչ մարմնին մօտ եւ յաջողած էին առնել անոր դէմքին կաղապարը: Ահաւասիկ, Կոմիտասի ամբողջ յուզաշխարհը կը ցոլացնէր այդ քանդակը եւ ուշադիր հայեացքով մը՝ նոյնիսկ կարելի էր անոր վրայ նշմարել այդ առաջին կաղապարէն մնացած Կոմիտաս Վարդապետին մօրուքին թելերը: Այս տարի՝ երբ համայն հայաշխարհը կ՚ոգեկոչէ Մեծն Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը, իրապէս ցնցիչ էր Ս. Ղազարի մէջ դէմ յանդիման գալ անկէ մեզի հասած այսպիսի խօսուն ու թանկագին հետքի մը հետ:

Մխիթարեանցիներուն Ս. Ղազարի մէջ շրջայցին իրենց միացաւ նաեւ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր եւ Քահանայապետական պատուիրակ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան: Գերապայծառը յայտնեց մխիթարեանցիները իրենց հիմնադրին հարազատ բոյնին մէջ տեսնելու իր եզակի գոհունակութիւնը:

Այսպէս՝ Մխիթարեան մայրավանքին մէջ տղաքը ականատես դարձան Մխիթար Աբբահօր կողմէ հիմնուած դարաւոր միաբանութեան հոգեւոր ու մշակութային անգին ժառանգութեան, ապա գոհունակութեամբ ու հպարտութեամբ հրաժեշտ առին Ս. Ղազար կղզիէն:

Պտոյտին երկրորդ օրուան ծրագիրը կ՚ընդգրկէր այցելութիւն մը դէպի Իտալիոյ Վերոնա քաղաքը: Հոն մխիթարեանցիները այցելեցին քաղաքին հրապարակները, եկեղեցիները, նշանաւոր մրցարանը, «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ» սիրավէպին գլխաւոր հերոսուհի Ժիւլիէթին տունը եւ քաղաքին պատմամշակութային ու տեսարժան այլազան վայրերը: Անոնք շրջեցան ամբողջ քաղաքը եւ մինչ այդ՝ առիթն ունեցան մեծ ախորժակով ճաշակելու իտալական անմահական փիցցան եւ դդմաճը:

 Իսկ պտոյտին երրորդ օրը մեծամասնութեամբ յատկացուած էր Բարեկենդանի տօնախմբութիւններու: Վենետիկի մէջ Բարեկենդանը բառին բուն իմաստով կը պարզէր գոյներու խրախճանք մը: Ժողովուրդը տեսակ տեսակ տարազներով ու դիմակներով ծպտուած՝ կը տողանցէր փողոցներէն, հրապարակներէն: Մխիթարեանցիները խանդավառութեամբ հետեւեցան վենետիկեան Բարկենդանի այս աւանդական տողանցքին, նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին զուարճութիւններուն: 

Վենետիկի մէջ իրենց կեցութեան շրջանին Մխիթարեան վարժարանի սաները ունեցան հաճելի ժամանց եւ ուղեւորութեան չորրորդ օրը՝ երբ ահագին գիտապաշարով յագեցած՝ ակամայ կը բաժնուէին ջուրերու այս խաղաղ ու հոյակապ քաղաքէն, իրենց սրտերէն ու մտքերէն կտոր մը արդէն թողած էին անոր մէկ անկիւնը, որ անտարակոյս օր մը կրկին զանոնք պիտի քաշէր դէպի իրեն:

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2019