ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՆԱԶԱՐ ՀԱՆՉԷՐԻ ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Երէկ, Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ յուզումնախառն ոգեկոչման արարողութիւն մը։ Այս առթիւ վերյիշուեցաւ բարեյիշատակ մարզական գործիչ Նազար Հանչէր՝ մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ Նազար Հանչէրի շիրմին շուրջ համախմբուած էին իր ընտանիքի անդամները եւ բազմաթիւ անձեր, որոնք փութացած էին իր յիշատակին առջեւ իրենց յարգանքը թարմացնելու։ Հոգեհանգստեան կարգին հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Շիշլի մարզակումբին կողմէ «Մարզական դեսպան»ի կոչման յետմահու արժանացած Նազար Հանչէր աղօթքով, խունկով եւ ներկաներու տամուկ աչքերով վերյիշուեցաւ՝ մինչ բոլորը հերթական անգամ իրենց բարոյական զօրակցութեան առարկայ դարձուցին այրին՝ յայտնի գիտնական Էլմոն Հանչէրը եւ ընտանեկան բոլոր պարագաները։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024