ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ այս ա­ռա­ւօտ սկսաւ ճատ­րա­կի մրցա­շարք մը։ Տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ա­ւան­դա­կան այս մրցա­շար­քը ար­դէն 13-րդ ան­գամ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ։ Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ծրա­գի­րը կը տե­ւէ ե­րեք օր։ Այս ա­ռա­ւօ­տուան բաց­ման փու­լին մաս­նա­կից­նե­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցան կա­նոն­նե­րուն մա­սին եւ սկսան հան­դի­պում­նե­րը։ Ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան։ Կա­նոն­նե­րը բա­ցատ­րեց Թուր­քիոյ ճատ­րա­կի դաշ­նակ­ցու­թե­նէն Մեհ­մէտ Էօ­նէյ։ Աստ­ղե­րու եւ փոք­րե­րու դա­սա­ւո­րու­մով տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մրցա­շար­քը, որ կը գլխա­ւո­րուի Սա­յաթ Թուղ­լա­ճեա­նի կող­մէ։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 8, 2017