«ՍԱՍՈՒՆՑԻՆԵՐՈՒ ՊԱՐԸ» ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ՝ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 175-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Երէկ երեկոյեան, Պաքըրգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ «Սասունցիներու պարը» ներկայացումը, որ ձօնուած էր Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին։ Յոբելենական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Լէյլա Կենճէր» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, ուր համախմբուած էին հոծ թիւով պաքըրգիւղցիներ եւ գեղարուեստասէրներ։ Ներկաներու շարքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ այլք։

Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի Հերմինէ Պենլիօղլու։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Պիւլենտ Քերիմօղլու։ Պաքըրգիւղի ընտանիքը այս առթիւ առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէրներ պատրաստած էր երեկոյթի հովանաւորներուն համար, որոնց շարքին էին մեր բարերարներէն Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Ճեզօ Թաշ, Էֆրիմ Պաղ եւ այլք։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Գարօլին Մամիկոնեանի հանդիսավարութեամբ։ «Սասունցիներու պարը» պատրաստուած էր Գէորգ Էմինի բանաստեղծութեան հիման վրայ, Մաժակ Թօշիկեանի յօրինումով։ Գեղարուեստական ու թեքնիկ պատասխանատուութիւնները ստանձնած էին՝ Արման Ջուլհակեան, Արա Ասատուրեան, Գրիգոր Խաչատուրեան եւ Գոհար Յովհաննէսեան։ Հայաստանէն «Նարեկ» պարախումբը, «Արմէններ» նուագախումբը եւ «Փարոս» երգչախումբը մասնակցութիւն բերին ծրագրին։ Իսկապէս փառաշուք գեղարուեստական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ Տատեանի 175-ամեակի յոբելեանի խորհուրդին համապատասխան էր բոլոր առումներով։

Երեկոյթի աւարտին գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսք մը արտասանեց Կրօնական ժողովի տանեպաետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2019