ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ ԿՈՄԻՏԱՍԻ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին ձօնուած փառատօն մը։ Նախընթաց օր դպրոցին մէջ այս փառատօնի երկրորդ փուլին առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Ի շարունակութիւն փառատօնի առաջին մասին ապրուած ոգեւորութեան՝ այս անգամ եւս ստեղծուեցաւ համապատասխան մթնոլորտ։ Յայտագիրը պատրաստած էին վարժարանի ուսուցչական կազմէն Նաժտա Տեմիրճիօղլու, Թամար Մանկասար եւ Գարին Քիւչիւքօղլու։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Նարէ Քիւլէկէչի եւ Տանիէլ Քոթանի։ Ձեռնարկի սկիզբին տղաքը ներկայացուցին թատերակ մը, որ կը ցոլացնէր Կոմիտաս Վարդապետի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Դերակատարներն էին Արեգ Պէրպէրօղլու, Տարէն Պահատըրօղլու, Կարէն Քիւչիւքօղլու, Աքսէլ Հիլքաթ, Ռայա Տուվարճըօղլու, Ժանին Տեմիրճիօղլու, Նարօտ Շէնեան, Խաչիկ Մարգարեան, Լոռին Ելէկէն, Եւա Եթէրօղլու, Արեգ Եաղճըօղլու, Նայիրա Եազար, Ռոյ Ինճիլիօղլու եւ Քայլա Թոփալօղլու։

Սրահին մէջ ներկայացուած էին գծագրութեան ուսուցչուհի Էսրա Էօզալփի հսկողութեան ներքեւ աշակերտներու կողմէ ստեղծագործուած կաքաւի պատկերները։ Աշակերտները այդ գծագրական աշխատանքները տարած էին՝ ունկնդրելով Կոմիտասի «Կաքաւիկ»ին։

Հանդիսութեան տեւողութեան Տոց. Թունճէր Էօնտէր դասական կիթառով մեկնաբանեց Կոմիտասի զանազան գործերը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թունճէր Էօնտէր առաջին անգամ Կոմիտասի յօրինումները կիթառով մեկնաբանած է եւ հրատարակած գիրք մը։

Ձեռնարկի աւարտին տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը՝ մասնաւորապէս ընդգծելով Թունճէր Էօնտէրի ներկայութեան կարեւորութիւնը։

Փառատօնի երկրորդ փուլին ալ ներկայ գտնուեցան Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2019