ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի 2017-2018 տարեշրջանի հունձքը հրաժեշտ առաւ մասնաւոր խրախճանքով մը։ Դպրոցի չորրորդ դասարանը աւարտած աշակերտները եւս մասնակից դարձան այս ծրագրին։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը։ Ներկաներու շարքին էին թաղի պատուակալ ատենապետուհի Մոնիք Երկանեան, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Եգուարդ Հարբութ, տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ այլ պատասխանատուներ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, ծնողներ եւ հիւրեր։ Մինչ աշակերտները առարկայ դարձան բոլորի ջերմ վերաբերմունքին, տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց Եգուարդ Հարբութ։ Տղոց ուղղեալ խօսք մըն ալ արտասանեց դասարանի ուսուցչուհի Թամար Քոճապայ։ Շրջանաւարտները գործադրեցին օրուան յայտագիրը արժանանալով ծափողջոյններու։ Պատուոյ հիւրերուն կողմէ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ բաժնուեցան վկայականները։

Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին հատուեցաւ շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակը, մինչ բոլորը անոնց յղեցին ապագայ յաջողութեան մաղթանքներ։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018